Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանի եւ Վատիկանի դեսպանները
0
Այս առաւօտ՝ Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Վատիկանի մօն Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան զօրավար Ճորճ Խուրիի։ Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, վերջին շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան հայոց թեմին Հայրապետին շնորհած հովուապետական