Եւ… ջարդը կը շարունակուի. բազմաթիւ սրբատեղիներու քանդումէն ետք, կարգը եկաւ «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» յուշարձանի «դիմափոխման». «Հայրենիք»
0
Բազմաթիւ սրբատեղիներու, վանքերու, եկեղեցիներու, յուշարձաններու եւ խաչքարերու կանոնաւոր ու ծրագրուած քանդումէն ետք, կարգը եկաւ կոթողական կառոյցին՝ Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» անունով յայտնի յուշարձանի «դիմափոխման», փաստացի սրբապղծման։ Խոր իմաստ ունի վիթխարի կողոթը, որ քանդակուած է հայկական կարմիր տուֆով, քար մը՝ որ ինքնին հայկականութեան վկայական է: Ստեփանակերտի հիւսիսային մուտքին կառուցուած կոթողը կանգնած է 1967-ին։