Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը
0
Շաբաթ, 28 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Արցախի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի: Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան ընդհանուր գիծերով պարզեց Արցախի հայութեան կատարած աշխատանքները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան իր գնահատանքը յայտնեց Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին
