Հայաստան պահուող սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներու ազատ արձակման գինն էր Իւլճեքեանը. «Ազդակ»
0
Պաքուի մարտավարական խաղը այս բոլորին մէջ այնքան յստակ է, որ պարզապէս պաշտօնական յայտարարութիւններու ընթերցումով կը քողազերծուի ամէն ինչ: Այս փոխանակումը ծխածածկուած է երեք այլ ռազմագերիներու ազատ արձակումով: Պաքուի մօտեցումով «ահաբեկիչ-ահաբեկիչ»-ի դիմաց խաղաթուղթի շահարկումն է, որ օգտագործուած է, մեղադրանքի դիմաց մեղադրանք ձեւակերպելու ուղղութեամբ:
