ru24.pro
World News in Armenian
Июнь
2025
1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30

Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու համատեղ նիստին նախատեսուած է օրակարգի վրայ ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նուիրապետական Աթոռներու հետ Կաթողիկոսութեանս յարաբերութիւնը

0
Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, 10 Յունիս 2025-ին սկսաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար յաջորդական նիստերը։ Շաբթուան մը վրայ երկարող այս նիստերուն կը մասնակցին նաեւ թեմակալ առաջնորդներն ու մեր Սուրբ Աթոռի բոլոր թեմերու ազգային վարչութիւններու ներկայացուցիչները։ Հանգամանաւոր նիստերուն կը քննարկուին Կաթողիկոսութեան