«Ողջունելի է Յունաստանի հայ գաղութին վերակազմակերպման դրական ընթացքը». Արամ Ա. Վեհափառ
0
Կիրակի առաւօտ՝ 1 Յունիս 2025-ին, Քոքինիոյ շրջանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Սուրբ Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան: Սուրբ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական գահակալութեան 30 ամեակին առիթով: Արարողութեան նախագահեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագրատան ու հնատիպերու բաժանմունքի տեսուչ