Գործածենք այն, ինչ որ ունինք
Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք» (Հռ․ 12.6)։ Եթէ մարդիկ անդրադառնան այս իրողութեան, անոնք պիտի դադրին զիրար բամբասելէ եւ մեղադրելէ։ Յաճախ մարդիկ իրենք զիրենք կը բաղդատեն ուրիշներու հետ եւ կ՚ակնկալեն ուրիշներէն ընել այն՝ ինչ որ իրենք կ՚ընեն։ Մէկը կրնայ լաւ քարոզիչ մը ըլլալ, ուրիշ մը կրնայ վարչական կարողութիւններով օժտուած […]
