Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակցեցաւ քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան
0
Համաքրիստոնէական միասնակամութիւնը ամրապնդելու եւ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը առաւել զարգացնելու հեռանկարով, ամէն տարի Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը յատկացուի քրիստոնէական միութեան աղօթքի: Արդարեւ, Շաբաթ, 18 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ, հիւրընկալութեամբ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին՝ Պէյրութի պատրիարքարանի Սուրբ Իգնատիոս մայր տաճարին մէջ։