2025 տարուան Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը՝ նուիրուած «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման»
0
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 12 Յունուար 2025-ի կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց 2025 տարուան Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը՝ նուիրուած «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման»։ Ներկայ ժամանակներու հրամայականները ի միտի ունենալով, Հայրապետը իր այս հռչակագիրով դիտել կու տայ, որ աւանդութիւնը սերտօրէն առնչուած կ՚ըլլայ տուեալ ազգի մը կեանքին ու հոլովոյթին հետ եւ վճռական