Հայաստանի մէջ, Արցախի կորուստը, ցեղասպան դրացիներուն յոխորտանքը, շարունակուող արտագաղթը եւ արժէքներու նահանջը ստեղծած են անորոշ կացութիւն ու յուսահատ մթնոլորտ ապագային նկատմամբ. Արամ Ա
0
Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամը «Նոր Տարուան սեմին եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ