Սփիւռքահայ մարդու գիտակցական աշխարհին մէջ պէտք է ամէն գնով ամուր պահել հայրենիքին հանդէպ հաւատքը ու պետութեան ամրապնդման նպաստող իւրաքանչիւր ճիգ. «Ազատ օր»
0
Վարչախումբերը ժամանակաւոր եւ գնայուն են, ձախող ղեկավարները պիտի անցնին հայ ժողովուրդի դատաստանին ու պատմութեան մոռացութեան։ Սակայն, կը մնայ հաւատարմութիւնը հայ հողին ու պետական հիմնաշէնքին հանդէպ, որուն համար հայ ժողովուրդի կամքը արտայայտող քաղաքական գործօնները կոչուած են զայն ամուր պահել հայու ոգեկան եւ իմացական գիտակցութեան մէջ։