Արամ Ա-ի և ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու Լիբանանը, Հայաստանը, Սփիւռքը յուզող մարտահրաւէրներ
0
Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստացաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ մարմինի ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի: Հանդիպման ընթացքին տոքթ. Տագէսեան Հայրապետին հակիրճ կերպով ներկայացուց կուսակցութեան վերջին շրջանին տարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները։ Հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու Լիբանանը, Հայաստանը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանը յուզող